2015-01-08 10:04:36

Ֆրանչիսկոս Պապը դատապարտեց Փարիզի ահաբեկչական արարքը` ''Մարդկային վայրագութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 7 յունուարին, ի լուր Փարիզի մէկ թերթի խմբագրութեան դէմ գործուած արարքին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտնեց թէ ''Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատակամ կը դատապարտէ սարսափելի արարքը որ այս առաւօտ սուգի մատնեց Փարիզ քաղաքը, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր, մահ սերմանելով ու զարհուրանքի մատնելով համայն ֆրանսական հասարակութիւնը ինչպէս նաեւ անհանգստութիւն պատճառելով նոյնիսկ Ֆրանսայէն դուրս ապրող բոլոր խաղաղասէր մարդոց։
Հայր Լոմպարտին յայտնեց ապա թէ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքի միութեամբ կը մասնակցի վիրաւորեալներու ու մեռեալներու պարագաներու ցաւերուն ու կը յորդորէ բոլորը ամէն միջոցներով հակառակելու ատելութեան տարածման եւ բռնութեան, ըլլան անոնք ֆիզիկական կամ բարոյական, որոնք կրնան մարդկային կեանքը կործանել ու կը խախտեն մարդու արժանապատուութիւնը ու արմատապէս կը սպառնան անհատներու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան հիմնական բարիքին։
''Ինչ որ ալ ըլլան անոր դրդապատճառները, մարդասպան բռնութիւնը նողկալի է, երբեք արդարացուցիչ չէ եւ բոլորին կեանքն ու արժանապատուութիւնը պէտք են միշտ յարգուիլ ու պաշտպանուիլ'' - յայտնեց Հայր Լոմպարտին հուսկ նշեց թէ ''Սրբազան Հայրը կը յայտնէ մօտիկութիւն ու հոգեւոր զօրակցութիւն, ինչպէս նաեւ նեցուկ բոլոր անոնց որ իրենց պատասխանատուութիւններու համաձայն կը շարունակեն յանձնառու ըլլալ խաղաղութեան, եւ արդարութեան ի խնդիր, բուժելու համար ատելութեան դրդապատճառները, ըլլայ Ֆրանսայի մէջ ըլլայ համայն աշխարհի մէջ ուր կը տիրէ բռնութիւն եւ լարուածութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.